Aram Aramyani Yerkuh | Panditz Trnern Eyin Yotuh Yelkerov, Yelkerov

Paul Baghdadlian – Azk Siretsek – Pandis Trneruh
George Tutunjian – Compilation – Aram Aramiani Yerkeh
Aram Aramyani Yerkeh

Արամ Արամեանի Երգը

Բանտիս դռներն էին եօթը ելքերով, ելքերով.
Շէնքն էր ամուր , պատած երկաթ, քարերով, քարերով։

Յանկարծ լսուաւ դռներու ձայն ճռնչմամբ, ճռնչմամբ.
Ներս խուժեցին կարգ մը զինուոր շառաչմամբ, շառաչմամբ։

Գիշերուընէ ինձ յայտնեցաւ, բանտիս մէջ, բանտիս մէջ.
Անբաց աչօք չքնացայ մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջ։

Առաւօտեան արշալոյսը ծագեցաւ, ծաեցաւ.
Մահուան եաֆթան կուրծքէս Ի վար կախուեցաւ, կախուեցաւ։

Առաւօտուն առին տարին կախաղան, կախաղան,
Շուն թուրքերն ալ դէմս կանգնած կը խաղան, կը խաղան։

Ու՞ր են արդեօք չկան իմ մօտ անուշ հայր, անուշ մայր,
Լացէ՛ք հայեր, լացէ՛ք քաջեր, ինձ համար, ինձ համար։

Կարծես կուլան երկինք երկիր ինձ համար, ինձ համար,
Կուլան արեւ, լուսին, աստղեր անհամար, անհամար։

Աւա՜ղ Կենացս որ ծնած եմ վատոց մէջ, վատոց մէջ,
Միշտ կը գոռամ եւ կը գոչեմ ցաւոց մէջ, ցաւոց մէջ։

Ժամացոյցս տուէք մօրս, իմ մօրս, իմ մօրս,
Մի՛ ըսէք թէ Արամ կախուաւ, այլ պանդուխտ է, այլ պանդուխտ։

Ժամացոյցս տուէք մօրս, վա՜խ Արամ, խա՜խ Արամ,
Հայրենիքիդ դուն զոհ գացիր, անվախ մտիր գերեզման։

Ահա կ՚նկնեմ սեւ գերեզման գրկել հող, գրկել հող,
Ի յիշատակ իմ անունը մնայ թող, մնայ թող։


Posted

in

, ,

by

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *