Գիշերային
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով.
Լուսեղէն ճամբէն կ՚անցնիմ ես գինով,
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին։
Համբոյրնե՜ր կու գան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի.
Այս գիշեր տօն է, հոգւոյս՝ կիրակի,
Համբոյրնե՜ր կու գան հովէն ու ծովէն։
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի,
Շրթունքս է ծարաւ միակ համբոյրի.
Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին,
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի։
Խօսք՝ Մ.Մեծարենցի
Երաժ.Հ.Գէորգեանի
Leave a Reply