Խայթող Փուշեր
Աղաչեցիր, պաղատեցար ու լացիր,
Մերթ քնքշացար, չքմեղացար սիրալիր,
Թարթիչներուդ սուր սլաքներ թունալիր,
Նետեր ըրած սիրտս այնպէս խոցեցիր։
Հաւատացի արցունքներուդ, խօսքերուդ,
Վիշտս խենթԻ վերածեցի, յուսացի,
Օր ու գիշեր հետեւեցայ հետքերուդ
Տեսայ անգութ զիս խաբելդ ու լացի։
Թախծոտ օրերն թաւալեցան ու կորան
Ինձ ձգելով յուշեր քնքուշ ու դաժան,
Նոր գարուններ, նոր ծաղիկներ ծաղկեցան,
Յուշդ մնաց խայթող ‘ուշի մը նման։
Ժպիտներդ արտասուախառն, նուաղուն,
Ու խօսքերդ տխուր ու դառն մորմոքուն,
Մէն մի խազը շշունջներուդ անձկագին,
Գորովանքով ողողեցին իմ հոգին։
Խօսք՝ Մարտօ
Երաժ.Վ.Երամեան
Leave a Reply