Ինչո՞ւ Սիրեցիր
Ինչո՞ւ սիրեցիր, ինչո՞ւ տենջացիր,
Ինչո՞ւ իմ սրտիս սիրոյ հուր տուիր.
Դուն խենթ սիրահար, իմ սէր առաջին,
Բաւ է տանջուեցար եւ ինձ տանջեցիր։
Տանջուած իմ սիրով սիրտդ երբ բացիր,
Ըսի, հեռացի՛ր, գնա՛ մոռացիր,
Դուն խենթ սիրահար իմ կեանքի գարնան,
Լացիր, բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ սիրեցիր։
Ա’սո՛ս վիրաւոր սրտիդ վշտահար,
Բաւ է մի՛ տանջուիր Ի զուր ինձ համար.
Դուն իմ առաջին սիրոյ խենթ տղայ,
Երբե՛ք, ա՜խ երբե՛ք քեզ չեմ մոռանար։
Խօսք եւ Երաժ.
Ս.Էսմէրեանի
Leave a Reply