Իմ Հեռաւո՛ր Հայրենիք
Իմ հեռաւո՛ր հայրենիք,
Իմ փառաւո՛ր հայրենիք,
Աշխարհներու աննման
Իմ անուշիկ Հայաստան։
Ո՞ր մէկ աշխարհ քեզ նման
Կարօտ ունի մայրական
Ովկեաններէն ալ անդին
Քեզ կը փնտռեմ անձկագին։
Իմ հեռաւո՛ր հայրենիք…
Ահա Մասիսն ու Սիփան
Ամպերու մէջ կ՚երեւան,
Մէջքիդ Երասխն է կամար,
Կուրծքիդ Սեւանն երկնաքար։
Ամէն հովիտ ամէն սար
Խորան մ՚է սուրբ մեզ համար
Ամէն մի քար յուշարձան,
Իմ պապերուս քաջութեան։
Իմ հեռաւո՛ր հայրենիք…
Leave a Reply