Հրայր Դժոխքի Յիշատակին
Սասուն գաւառ, Սիմու լանջին,
Չկար նման Արմենակին,
Արմենակը իր խմբովը
Հաշիւ կու տար տաճկաց զօրքին։
Գէորգ Չաւուշ հաստ ու կարճ էր,
Իր մօսինը ձեռքին խարճ էր,
Իր խումբին մէջ միշտ յառաջ էր,
Քիւրդ պէկերը շատ կը տանջէր։
Տաճկաց զօրքը կը բարձրանար,
Մուրատ ‘աշան կ՚ուրախանար,
Կ՚ասէր «Տղե՛րք, դուք բռնէք պար,
Ես կը ջարդեմ տաճկաց բանակ։
Տաճկաց զօրքը՝ թնդանոթով,
Հայ կտրիճներ մօսիններով,
Քաջ Անդրանիկ ‘այլուն սուրով
Թուրք կը ջարդեր հազարներով։
Առաւօտեան արշալոյսին,
Սուրհանդակներ նամակ բերին,
Խմբապետը բարեւեցին,
Ու նամակը երկարեցին։
Չկար ‘աշան Անդրանիկը,
Զարկին հերոս Արմենակը,
Տարին Սասնոյ ժամին բակը,
Եղաւ հայոց նահատակը։
Leave a Reply