Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քայլերգը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայ արիներ,
Հերոսներու դատին ժառանգ,
Առողջ, զուարթ ու անվեհեր,
Մենք կը կերտենք մարմին ու կամք։
Օտար աշխարհ, օտար դաշտեր,
Բայց հայրենի վեհ դրօշին տակ.
Պատիւն հայուն բռնած միշտ վեր՝
Կը շահինք փառք ու յաղթանակ։
Հ.Մ.Ը.Մ. յոյսի սերունդ,
Չունինք դադար, չունինք նահանջ,
Դէպի լեռներ լուսածնունդ
Մենք յաղթաքայլ կ՚երթանք յառաջ։
Leave a Reply