Կորկոտեանի Երգը
Զէնքերս տուր մայրիկ,
Սուսերս տուր քոյրիկ,
Թէ չզոհուիմ ազգիս համար,
Հապա ինչու զիս ծնար։
Ազատութեան վառ սէրը
Ինձ հանել է լեռները,
Թշնամու դէմ կռուելու,
Հայրենիքս փրկելու։
Առաւօտ արշալոյսին,
Չորս կողմերս պատեցին
Չորս ցերեկ եւ չորս գիշեր
Անհամար թշնամիներ։
Լեւոն, սուրդ քաշեցիր,
Վրէժ առնել ուզեցիր,
Երբ որ գնդակը դիպաւ՝
«Ա՜խ, ընկերներ», գոչեցիր։
Բուն անունս է Արամեան,
Մականունս է Կորկոտեան,
Երբ որ բանտէն ազատուեմ,
Նորէն խումբեր կը կազմեմ։
Leave a Reply