Կարօտ
Հայաստանից եկած զինուոր,
Սիրական, իմ սրտիս հատոր,
Քեզ կը սպասէի օրէ օր,
Էգուցուայ ճամբէքիդ մատաղ։
Կը գաս քաջերի երկիրէն,
Խօսիր մոկացի Եսթերէն,
Պատմիր Գիսակի գործերէն,
Շողշողուն զէնքերիդ մատաղ։
Սերոբ փաշի գերեզմանը,
Դու տեսա՞ր իմ սիրականը
Թափառեցար Հայաստանը,
Թափառած ճամբէքիդ մատաղ։
Վանայ ծփան ծովէն կու գաս,
Ամդրանիկի գովէն կու գաս,
Վարագայ սէգ սարէն կու գաս,
Շողշողուն զէնքերիդ մատաղ։
Leave a Reply