Պահակի Երգը
Գիշեր է լռին
Վերը ջինջ լուսին
Վարն ես առանձին։
Կեցեր ենք պահակ
Կը հսկենք մինակ
Անվախ ու դիտակ։
Վրաններ դէս դէն
Կարգով շարուած են
Ուր հանդարտօրէն
Արիներ բոլոր
Կը քնանան խոր
Երազով մ՚աղուոր։
Ձեռքս գաւազան
Դանդաղ ու անձայն
Կ՚ընեմ մի շրջան։
Եւ յանկարծ արագ
Սիրտս ուժգին կ՚ընէ թագ թագ
Կը զարնէ տաք տաք։
Ծառերուն մէջէն
Այլանդակօրէն
Ահա կը վազեն
Շուքեր գայլ, գազան
Ցցած սուր ճիրան
Դէպի ինձ կու գան։
Leave a Reply