Արշալոյսը Նորէն Բացուաւ Ողբ Սիրոյ
Արշալոյսը նորէն բացուաւ,
Ամպ ու զամպէն թօն կու գայ,
Ալ ձին եկաւ, անտէր եկաւ,
Ա՜խ իմ եարը տուն չեկաւ։
Լոյսը բացուաւ, դուռը բացուաւ,
Ալ ձին քրտնած ներս ինկաւ,
Սիրուն կրծքին վէրք ստացած,
Արիւնթաթախ ներս ինկաւ։
Ա՜խ սիրուն ձի, դու ինձ ասա,
Ո՞րտեղ թողիր իմ եարը,
Ո՞ր ձորի մէջ, ո՞ր քարի տակ,
Անտէր թողիր իմ եարը։
Ամպեր եկան, մութը պատեց,
Մինակ նստած կու լամ ես,
Սիրելիիս, կորած եարիս,
Սուգ ու շիուան կ՚անեմ ես։
Leave a Reply