Արաքսի
Սեւ աչերդ կախարդական,
Վառ աստղերու պէս կը շողան,
Քու նայուածքէդ սէր կը հոսի,
Սիրոյ կախարդ իմ Արաքսի։
Բոց շրթներդ, երբ կը բացուին,
Կարծես վարդեր են կը ժպտին,
Վառ ժպիտէդ կեանք կը հոսի,
Կեանքի աղբիւր իմ Երեւան։
Ձայնդ անուշ եւ դիւթական,
Երգի մը պէս կախարդական,
Դուն վառ երազ սիրող սրտի,
Եդեմածին իմ Արաքսի։
Խօսք՝ Ս.Էսմերեանի
Երաժ.Ա.Խնդիրեանի
Leave a Reply