Անտունի
Սիրտս նման է էն փլած տներ,
Կոտրեր գերաններ, խախտեր է սըներ,
Բուն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր,
Երթամ ձիկ թալեմ էն ելման գետեր,
Ըլնիմ ձկներու ձագերաց ընկեր։
Ա՜յ, տօ լա՜ճ տնաւեր։
Սեւ ծով մ՛եմ տեսել, սպիտակն էր բոլոր,
Ալին կը զարկէր, չէր խառնի յիրոր,
Էն ո՞րն է տեսել մէկ ծովն երկթաւոր,
Անտունի սիրտն է պղտոր ու մոլոր,
Ա՜խ, իսկի մի՛ լնիք սրտիկ սեւաւոր։
Ա՜յ, տօ լա՜ճ տնաւեր։
Leave a Reply