Aghersank | Akh Teh Sirdus Ounis Kghja Ov Siroun

Աղերսանք

Ա՛խ, թէ սիրտ ունիս, խղճայ ո՛վ սիրուն,
Սիրտս ու հոգիս գրաւեցիր դուն,
Յիշէ, որ ես քեզ հոգուով սիրեցի,
Սէրդ երգեցի ու անվերջ լացի։

Բայց ըսէ, ինչո՞ւ դաւաճանեցիր,
Իմ հէգ սրտիս մէջ կրակ լեցուցիր,
Արդեօք գիտե՞ս, քեզ որքան կը սիրեմ,
Ինչո՞ւ զիս մինակ, անտէր թողուցիր։

Կ՚անցնին օրերը անդարձ ու անհետ,
Սէրդ կը պահեմ սրտիս մէջ յաւէտ,
Կը սպասեմ գալուդ ցերեկ ու գիշեր,
Յիշէ մեր սէրը՝ եկուր մի մերժեր։

Խօսք՝ Յ.Յովհաննէսեանի
Երաժ.Ս.Էսմերեանի


Posted

in

,

by

Tags:

Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *